2013-12-20 09:51:03

Ծննդաբերութիւնը` Աստուածային ծրագիր


RealAudioMP3 Աստուած երբ հողէ ստեղծեց Ադամը եւ անոր կողի ոսկորներէն կազմեց Եւան ըսաւ. «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք եւ երկիրը լեցուեցէք»: Աստուած, որպէս հեղինակը ամուսնութեան, զայն օժտեց յատուկ օրէնքներով եւ անոր նպատակները սահմանեց: Հետեւեբար կեանքի եւ սիրոյ միութիւնը մարդու եւ կնոջ միջեւ, էական նպատակն որդեծնութիւնը եւ զաւակներու ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան դաստիարակութիւնը:
Այր եւ կնոջ բեղմնաւորութիւն պարգեւելով` Աստուած ուզեց զանոնք մասնակից դարձնել իր հրաշալի ստեղծագործութեան: Ճշմարիտ ամուսնական սէրը, ինչպէս նաեւ ընտանեկան կեանքին էութիւնը, ծնողներու հոգիներուն մէջ կը ստեղծեն տրամադրելիութիւն մը գործակցելու Աստուծոյ հետ, որ կը ցանկայ աճեցնել եւ ճոխացնել մարդկային ցեղը: Սակայն ի՞նչ է աստուածային դեռը էակին կազմաւորումին մէջ:
Աստուած հաստատած է իրերու ներկայ կարգը սերնդագործելու եղանակով մը, որ կը պահանջէ ծնողներու գործակցութիւնը, եւ այնպէս մը կարգադրած է, որ մանուկը աշխարհ մտնէ տկար, անկարող եւ պէտք ունեցող ծնողաց հոգածութեան, որպէսզի շարունակէ ապրիլ ու կամաց կամաց հասուննալ, յատկապէս զգալով հարկը ծնողներու կողմէ կատարուած խնամածութեան` իր իմացական եւ բարոյական դաստիարակութեան համար: Այս ամէնը աստուածային ծրագրին համեմատ է, իսկ նպատակը` մարդկային որդեծնութիւնը:
Նորածին մանուկը արդիւնքն է երեք պատճառներու գործակցութեան` Աստուծոյ, բնութեան եւ ծնողներու: Աստուած կը ստեղծէ հոգին. բնութիւնը` կենսաբանական օրէնքները եւ մարմինը. Իսկ ծնողները կը դնեն անհրաժեշտ պայմանը, որպէսզի Աստուած եւ բնութիւնը կարենան կատարել իրենց գործը:
Աստուծոյ կատարելիքը մարդկային էակին կազմաւորումին մէջ, բնականօրէն Հոգւոյն ստեղծագործութիւնն է: Յղութեան առաջին վայրկեանէն մօրը մարմինին մէջ գտնուող կենդանի էակը` կազմուած երկու ամենափոքր սերմնային բջիջներէ, մարդկային կատարեալ էակ մըն է, օժտուած անմահ հոգիով` կազմուած Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ եւ վիճակուած ընդունելու Քրիստոնական գերբնական կեանքը ու ապրելու յաւերժապէս Ամենասուրբ Երրորդութեան միութեամբ:
Ասոնք հռետորական խօսքեր չեն, այլ կ՛արտայայտեն վեհաշուք իրողութիւն մը: Անտեղի է գիտնականօրէն խօսիլ մարդկային ծննդագործութեան մասին, ու բոլորովին անգիտնալ հոգին, այն ատեն ողջախահութեան բարոյական հարցն ալ գոյանալու իրաւունք չունենար: Նկատելով միայն մանուկին արժանապատուութիւնը, պիտի տեսնենք նաեւ հարկը եւ նշանակութիւնը բարոյական օրէնքին, որ կը սահմանէ պատշաճ կիրարկումը այն գործին, որով մանուկը լոյս աշխարհ կու գայ: Լոկ հոգւոյն մեծութիւնը նկատի առնելով` պիտի կարենանք ըմբռնել թէ ինչու ողջախոհութիւնը ոչ միայն կը կառավարէ ինքնածին բնազդ մը, այլ նաեւ կը պահպանէ սրբազան կարողութեամբ մը:
Հոգւոյն ստեղծումը Աստուծոյ գործն է, ու միայն Աստուծոյ: Ինքը չ՛օգտագործեր ստեղծելու գործիքներ` ոչ մարդիկը եւ ոչ ալ հրեշտակները: Հոգին ամբողջապէս Աստուծոյ արդիւնքն է: Սակայն իր անհուն իմաստութեամբ վճռած է որ հոգին ինքը պիտի ստեղծէ, ու երբ ինչ ինչ պայմաններ իրականութիւն դառնան: Այս պայմանները պիտի իրականան բնութեան կողմէ եւ մարդկային ծնողներու:







All the contents on this site are copyrighted ©.